ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «4 Մարտին հայաստանցի քաղաքացիութիւն ունեցող անձը, որ ազատազրկման մէջ կը գտնուէր Պաքուի մէջ, վերադարձուեցաւ իր հայրենիքը՝ Հայաստան, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հովանիին տակ:

Անձը յանձնուեցաւ հայաստանցի պաշտօնեաներու խնամքին՝ ատրպէյճանական Ղազախ եւ հայկական Իջեւան քաղաքներուն միջեւ անցնող ճամբուն՝ միջազգային սահմանին վրայ», նշուած է Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«ԿԽՄԿի պատուիրակները այցելած են վերջինիս նախքան հայրենադարձումը՝ ազատազրկման պայմանները եւ անոր նկատմամբ վերաբերումը գնահատելու համար: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները նաեւ կապ հաստատած էին Հայաստանի մէջ անոր ընտանիքին հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ՝ առանց նշելու ենթակային անունը: Մինչ այդ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Հայաստան պիտի վերադարձուի 28 Յունուարին գերեվարուած 77ամեայ Մամիկոն Խոջոյեանը։