Մարտ 14-ին կայացաւ 2014 թ. Եւրատեսիլին մասնակցելիք հայաստանեան երգի ներկայացումը։ Երգի տեսահոլովակը կարելի է դիտել հետեւելով յղումով։

http://www.youtube.com/watch?v=ChkJpnOgIwQ


Աւելի քան 75 հայ եւ օտարազգի յօրինողներու երգեր կը մրցակցէին՝ ներկայացնելու Հայաստանը Եւրատեսիլին։ Երգի վերջնական ընտրութիւնը կատարուեցաւ մի քանի փուլերէ բաղկացած լսումներու, մանրամասն ուսումնասիրութիւններու եւ մասնագիտական focus group-ի արդիւնքով: Հայաստանեան պատուիրակ Արամ MP3 կը նշէ, որ իր երգը կը դրդէ հանդիսատեսին մտորելու երջանկութեան եւ իրենց սիրելիներու մասին։
Յունուար 1-ին Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը ներքին կարգով ընտրած էր Արամ MP3-ին՝ ներկայացնելու Հայաստանը 2014 թ. Մայիս 6-ին Քոփենհակենի մէջ տեղի ունենալիք Եւրատեսիլի կիսաեզրափակիչ փուլին։
Թարմ տեղեկատուութեան հետեւելու համար, կարող էք միանալ Արամ MP3-ի ֆէյսբուքեան պաշտօնական էջին: