Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: