Այս խճանկարը նուիրուած է Քրիստոնէութիւն  ընդունած առաջին հայերուն

Ռէկնում.ռու ռուսական կայքէջը լուսանկարային շարքի տեսքով ներկայացուց պատմութիւնը 7-րդ դարու հնագոյն հայկական խճանկարի, որ յայտնաբերուած է 1895-ին, Երուսաղէմի Մուսրարա թաղի մէջ։ Այս խճանկարը յայտնաբերուած է տուներէն մէկուն հիմը փորելու ընթացքին։

Խճանկարը, որ տպաւորիչ չափեր ունի 4-6.5 մեթր, գրեթէ ամբողջութեամբ պահպանուած է։ Կþենթադրուի որ այդ վայրի մէջ կառուցուած էր Փոլիէքթուսի եկեղեցին։ Ան 22-րդ լէկէոնի սպայ էր եւ սպաննուած էր քրիստոնէութիւնը ընդունած ըլլալու համար։
Եկեղեցւոյ պատի մօտ յայտնաբերուած է «Թռչուն» անունով խճանկարային պատկերը, որուն վրայ պահպանուած է հայերէնով արձանագրութիւնը, որուն մէջ կþըսուի. «Ի յիշատակ եւ ի փրկութիւն բոլոր հայերու, որոնց անունները յայտնի են Աստուծոյ»։ Կþենթադրուի որ գրուածքի մէջ կը խօսուի Հռովմէական կայսրութեան առաջին զինուորներու մասին (հայկական ծագման), որոնք գաղտնի կերպով քրիստոնէութիւն ընդունած են եւ ենթարկուած բազմաթիւ հալածանքներու։