Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3 «Եւրատեսիլ - 2014»-ի Քոփենհակընի եզրափակիչ փուլին հանդէս եկաւ, գրաւելով չորրորդ տեղը, ըստ երկիրներու տուած քուէարկութեան արդիւնքին, արժանավայել ներկա¬ յութիւն մը ապահոված ըլլալով։

Յունաստանէն 7 նիշ ստացաւ Արամը, սակայն ինչպէս նկատել կուտային Յունաստանի պաշտօնական տուեալները, ժողովուրդի քուէներուն համաձայն՝ պէտք էր 12 նիշ տրուած ըլլար Հայաստանին։