ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան երէկ News.am-ին փոխանցեց, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը ընդունեց կառավարութեան առաջարկը եւ պիտի մասնակցի նոր ծրագիրի ձեւաւորման:

«Առաջարկ եղած է իւրաքանչիւր խմբակցութեան եւ իւրաքանչիւրը ինքը կ՛որոշէ, որ առաջարկ պիտի ներկայացնէ՞, թէ՞ ոչ: Մենք որոշած ենք մեր առաջարկները ներկայացնել», ըսաւ ան‘ նշելով, որ այդ հարցը չեն քննարկած քառեակի միւս ուժերուն հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք որոշուա՞ծ է, թէ ՀՅԴ-ն ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ կառավարութեան նոր ծրագիրին, Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ որոշում պիտի տան միայն ծրագիրը տեսնելէ ետք: