7 Մայիսի երեկոյեան կեանքէն հեռացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետու- թեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Կամօ Մարտիրոսեանը:

Ան ծնած է 6 Նոյեմբեր 1960ին, Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ գիւղին մէջ։ 1992-1993ին ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութեան ուժերու հետախուզութեան բաժինին մէջ՝ որպէս առաջին բաժանմունքի պետ: 1993-1998ին ծառայած է որպէս ճարտարագիտութեան ծառայութեան սպայ եւ պատասխանատու: 2007- 2008ին եղած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան առընթեր գաղթականութեան եւ վերաբնակեցման վարչութեան պետ: 2008-2010ին եղած է Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար: 2010ի Մայիս 23ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հինգերորդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ մեծամասնական ընտրակարգով: 2010ի Յունիս 10ին ընտրուած էր Ազգային ժողովի ելեւմտական-պիւտճէական եւ տնտեսական կառավարման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ:
Ան անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան։