Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրեց նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհելու եւ զայն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակելու մասին:

Արցախեան ազատամարտի առաջին կռիւները տեսած գիւղին՝ Տողի մէջ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը արուեստի դպրոց մը հաստատեց համայնքի եւ մօտակայ տասը գիւղերու երեխաներուն համար:

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջխորհրդարանական յանձնաժողովը դիմեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝բանակցային գործընթացներու բոլոր փուլերուն Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մասնակցութիւն ապահովելու համար:

Արցախի զարգացման ու վերաբնակեցման ուղղուած ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութեան մեկնարկը տրուեցաւ Մայիս 9-ին Ստեփանակերտի մէջ: Մինչեւ Դեկտեմբեր 28-ը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները կրնան աջակցիլ Արցախի զարգացման՝ գնելով ազգային վիճակախաղի տոմսեր: