Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրեց նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհելու եւ զայն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակելու մասին:

Հրամանագիրները հրապարակուած են նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: Նախագահին այլ հրամանագիրով Թաթուլ Մարգարեան ազատ կացուցուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանի պարտականութիւններէն: