Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանիին տակ 2012 թուականէն կը կազմակերպէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը:

«Երկիր».- Երէկ իր աւարտին հասաւ ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի 23-րդ տարեկան նստաշրջանը Պաքուի մէջ:
Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութեան անդամ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, թէ արդէն ընդունուեցաւ վեհաժոովի ամփոփիչ՝ Պաքուի հռչակագիրը, ուր ընդգրկուած են հայկական պատուիրակութեան բոլոր նախորդ օրերուն առաջարկուած ու ընդունուած առաջարկութիւնները:

«Մենք խաղաղութիւն ենք ուզում, մենք պատերազմ չենք ուզում ու գիտենք, որ վաղ թէ ուշ բոլոր պատերազմներն աւարտւում են ու խաղաղութիւնը գալու է»,- ԳԱԼԱ-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան՝ անդրադառնալով վերջին շրջանին սահմանագիծին վրայ լարուածութեան ու Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ելեկտրականութեան գինը շուրջ մէկ ամիսէն պիտի բարձրանայ մօտ 4 դրամով: Երկու ժամէն աւելի տեւած լարուած քննարկումներէ ետք նման որոշում տուաւ Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 24 Յունիսին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ներկայ գտնուած է շարք մը պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի առաջատար կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան: