Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մասին փոփոխութիւնները ընդունուեցան խիստ լարուած մթնոլորտի մէջ եւ կանոնագրային խախտումներով:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները դրական են, սակայն անհրաժեշտ են ջանքեր ի գործ դնել՝ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման համար:

«Պրոսփեկտուս» տարածաշրջանային եւ քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնը, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը կը կազմակերպեն երկօրեայ ամառնային դպրոց Յուլիս 30-էն 31, հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու համար:

Ընթացքի մէջ են Վարդենիս-Մարտակերտ շուրջ 116 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհի վերակառուցման աշխատանքները: 

Մայիսեան հերոսամարտերէն 96 տարի վերջ, հայ զօրավարներու հերոսութիւնը յարգանքի ու գնահատանքի կ'արժանանայ: