ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Բոլոր քեսապահայերն առանց բացառութեան ցանկանում են Սուրիայի իրենց տուները վերադառնալ», յայտարարած է Հայաստանի հանրային պալատի անդամ, Քեսապի հարցերով Յունիսին ստեղծուած աշխատանքային խումբի անդամ Գագիկ Մինասեանը՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի աթոմական ելեկտրակայանի հիմնովին նորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին 2017 թուականին, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2026 թուական:

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մունտիալին առիթով, անոր ի պատիւ ստեղծեց արծաթէ յուշադրամ, կը յայտնէ ArmSport.am՝ իր լուրը քաղելով Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական կայքէն։

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Բրիտանիոյ հայ համայնքին նուէրը այս անգամ բաժին ինկած է Ծղուկ, Թասիկ եւ Աղիտու համայնքներու (Սիւնիքի մարզ) 105 աշակերտներու: Յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին անոնք դպրոց պիտի յաճախեն նոր պայուսակներով եւ գրենական պիտոյքներով:

«Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնականի տեղակալ Պրենթ Հարթլի, ելոյթ ունենալով Վիեննայի մէջ կայացող եւ ապահովական հարցերու նուիրւած ԵԱՀԿի խորհրդաժողովին ընթացքին՝