Ճափոնական Հիրոշիմա քաղաքի աթոմային ռմբակոծութենէն 69 տարիներ ետք՝ Յունիս 25ին, այդ ողբերգութիւնը խորհըրդանշող Խաղաղութեան յուշաքար զետեղուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին յարող մանկական զբօսայգիէն ներս:

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ յուշաքարը մարդկութեան կը յիշեցնէ խաղաղութեան կարեւորութիւնը: Յուշաքարի զետեղումը խորհրդանշական քայլ մըն է ուղղուած հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու խորացման: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու բարձրաստիճան այրեր, Ճափոնէն ժամանած պատուիրակութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը:
Հայաստանի մօտ Ճափոնի փոխ դեսպան, նախարար Տակաշի Կուրային նկատել տուաւ, որ Հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի վրայ աթոմային ռումբի պայթեցումէն 69 տարի ետք, այսօր ալ Ճափոնի մէջ կան մարդիկ, որոնք կը տառապին աթոմային ռմբակոծութեան հետեւանքով: «Նման բան այլեւս երբեք պէտք չէ որ կրկնուի: Հայաստանին շնորհուող Խաղաղութեան քարը կը խորհրդանշէ Ճափոնի ժողովուրդի՝ խաղաղութեան մէջ ապրելու ցանկութիւնը՝ առանց պատերազմի, ցեղապաշտական, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային խտրականութեան: Կը կարծեմ, որ փոփոխական միջազգային իրավիճակին մէջ մեր երկու երկիրները կրնան համագործակցիլ խաղաղութեան հաստատման նպատակով» ըսած է փոխ դեսպանը: