Յունիս 24-ին՝ ժամը 22:50-ին, հայ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ, հակառակորդի գնդակէ զոհուեցաւ զինծառայող, 1995 թուականին ծնած Արմէն Արթուրի Աւետիսեանը:
Պաշտպանութեան բանակը կը կիսէ ծանր կորուստի վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արմէն Աւետիսեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Միջադէպի մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: