Ստեփանակերտի օդանաւակայանէն առաջին փոքրիկ թռիչքները Ատրպէյճանը լուրջ անհանգստութեան մատնեցին:

Մէկ շարժիչ ունեցող փոքր սաւառնակներ, որ նախատեսուած են երկու ճամբորդի համար, երկինք բարձրացան Ստեփանակերտի օդանաւակայանէն եւ մայրաքաղաքի, Մարտակերտի ու Շուշիի վերեւ թռիչքներ կատարեցին:
Լեռնային Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկներուն համար նախատեսուած այս ծառայութիւնը, լուրջ անհանգստութեան մատնեց Ատրպէյճանցիներուն, որոնք տեղեկացան հարցի մասին, երբ համացանցի վրայ երեւցան առաջին երիզները...