Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, մեծաքանակ սպառազինութիւն վաճառելով Ատրպէյճանին՝ Ռուսիա իբրեւ դաշնակից պիտի կորսնցնէ Հայաստանը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազըրոյցին ընթացքին արձագանգելով այն հարցադրումին, թէ Ռուսիա կը պնդէ, որ ատիկա միայն առեւտուր է, Մարգարեան յայտնեց, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ առեւտուրը կը գերակշռէ բարեկամական (եթէ այդպիսիք կան քաղաքականութեան մէջ) յարաբերութիւնները:
«Ինծի կը թուի, որ պէտք է Ռուսիա անդրադառնայ, որ այս ձեւով ինք չի կրնար երկար ժամանակ իր շուրջը դաշնակիցներ պահել: Ինք պէտք է հասկնայ, որ այս ձեւով ինք պիտի կորսնցնէ Հայաստանը: Որովհետեւ միշտ ելքեր կարելի է գտնել, միշտ ելքեր կարելի է փնտռել, միշտ ձեւեր կան՝ դժուար, դիւրին ճամբաներ, որոնց համար ծանր գին կը վճարենք, բայց կրկին մեզի համար ելք կ՛ըլլայ: Բայց չեմ կարծեր, որ մենք այնքան անճարակ ենք, որ ուզենք թէ չուզենք, մեր միակ ելքը Ռուսիոյ հետ ըլլայ: Պէտք է Ռուսիա ինք նաեւ ասոր գիտակցի: Եւ պէտք է հասկնայ, որ սխալ մօտեցումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ինք շատ աւելի մեծ կորուստներ ունենայ»:
Հրանդ Մարգարեանին կը թուի, թէ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելը նաեւ Ռուսիոյ շահերէն կը բխի: «Բնականաբար, ասիկա պարզ բան մը չէ, որ մենք կարենանք անոր վրայէն լուռ անցնիլ: Ասիկա, կարծեմ, պէտք է մեր մէջ ընդվզում ստեղծէ: Ասիկա միայն ձեւով մը կրնար ընդունելի դառնալ, որ այն, ինչ որ կը վաճառէինք Ատրպէյճանին, մեր բաժինի գինն ալ Ատրպէյճանէն առնէր, բայց մեզի տար անվճար»:
Հայաստանի դաշնակից Ռուսիա վերջին տարիներուն դարձած է Ատրպէյճանի յարձակողական նշանակութեան սպառազինութիւն վաճառող թիւ մէկ երկիրը: Անցեալ տար- ւան Օգոստոսին Պաքուի մէջ Փութինի հետ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ հրապարակեց ռուս-ատրպէյճանական ռազմա-արհեստագիտական համաձայնագիրի ընդհանուր ծաւալը՝ 4 միլիառ տոլար՝ ակնարկելով, որ ատիկա աճելու միտում ունի:
Խօսելով Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին մասին՝ Մարգարեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան համար անընդունելի է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ մաքսատան տեղադրում: