Նաշիոնալ Ճէոկրաֆիքի կողմէ Հայաստանի դասաւորումը որպէս երկրագունդի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկը, իսկապէս շատ արժանավայել եղած է անցեալին։ Հոն կը նշուէր թէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներ կրնան վայելել զանազան արկածախնդրային մարզաձեւեր: 

Հայաստան իր լեռներով, իր հրաբուխներով, իր անտառներով, իր լիճերով, իր բուսական եւ կենդանական աշխարհով բացառիկ վայր մըն է, ուր այլընտրանքային զբօսաշրջութեան առիթ կայ, մանաւանդ անոնց համար, որոնք իրենց ատրենալինը բարձրացնել կ'ուզեն...


Parapente - թռիչք անկարգելով

Այս մարզաձեւը առաջին անգամ Հայաստանի մէջ յայտնուեցաւ 1996-ին, Armenia’s Small Aviation Club կազմակերպութեան միջոցաւ, որու անդամները 2008 թուականին հիմնեցին Armenian Paragliding Sport Federation կազմակերպութիւնը, նպատակ ունենալով այս մարզաձեւը ծանօթացնել ու տարածել Հայաստանի բնակիչներուն միջեւ։ Այսօր կազմակերպութիւնը կը հաշուէ մօտաւորապէս երեսուն հոգի, որոնք հետաքրքրուողներուն կը դասաւանդեն այս մարզաձեւը։ Ամէն տարի աւելի մեծ թիւով մարզիկներ Հայաստան կ'այցելեն ու առիթը կ'օգտագործեն թռիչք կատարելու համար հայկական երկինքին վրայ, ոստում կատարելով հայկական հմայիչ բարձրունքներէն, իրենց անկարգելով։
Թռիչքները կը կատարուին Հայաստանի զանազան վայրերէ՝ ինչպէս Սեւանէն, Ապարանէն, որպէսզի ըստ օդի պայմաններուն, ամէնէն նպաստաւոր վայրը ընտրուի, աւելի ակնառու եւ տպաւորիչ թռիչքներ կատարելու համար։ www.paraplan.am

Քայլարշաւ

Հայաստանը երկիր մըն է որ կը ներշնչէ քայլարշաւի։ Իր բացառիկ մշակութային արժէքով վայրերը, որոնք Եունեսքոյի ցանկերուն ներառնուած են, կը մղեն այցելել բոլոր հետաքրքրական լեռնային տարածքները, որ մէկը միւսէն տարբեր են։ Շատ հետաքրքրական է նաեւ գիշերումը վրաններու տակ, կրակի մը շուրջ, հին վանքի մը շրջապատին մօտ, հրաբուխի մը ստորոտը, լիճի մը ափերուն մօտ։ www.avarayr.am

Հեծելարշաւ

Հեծելանիւի գործածութիւնը Հայաստանի մէջ օրէ օր կը տարածուի։ Յաճախ Երեւանի փողոցներուն մէջ կը տեսնես մարդոց, որոնք հեծանիւով կը շրջին։ Շատ լաւ միջոց մըն է, որ քաղաքային կամ լեռնային ճամբաները վայելես ազատօրէն, միաւորելով մարզանքը, հաճոյքն ու կենսոլորտի պահպանումը։ www.avarayr.am

Մագլցում

Հայաստանը իր լեռնաշխարհով, առիթը կուտայ գտնել վայրեր, ուր անձ մը կրնայ մագլցիլ։ Armenian Alpine Club-ը որ հիմնուեցաւ անցեալ Նոյեմբերին, համագործակցելով ֆրանսական լեռնային կազմակերպութեան հետ, նման նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպէ, փափաքելով ընդլայնել կազմակերպութեան գործունէութիւնը, յարգելով եւ պահպանելով վայրերու անվտանգութիւնը։  www. uptherocks.com

Ձիավարութիւն

Տաւուշի կանաչապատ տարածքներուն մէջ՝ ձիերու ներկայութիւնը կը զմայլէ բոլորին։ Ենոքաւան փոքրիկ գիւղին մէջ, որ Իջեւանէն 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, արկածախնդիր այցելուները բնութեան գիրկին մէջ կրնան վայելել կազմակերպուած մարզաձեւեր՝ ձիավարութիւն, զբօսանքներ անտառի մէջ, Խաչաղբիւր գետի ափին երկայնքով՝ ինչպէս ոտքով, այնպէս ալ ձիով ու ձմեռնային սահնակներով: Եւ ասոնք մէկ մասն են այն բոլորին, որ կարելի է այցելու մը գտնել հոն, ամպերէն վեր գտնուող այս հրաշք վայրին մէջ: Բոլոր ճանապարհները նախապէս ծրագրուած են փորձառու ուղեկցորդներու կողմէ, որոնք կ'ուղեկցին լեռներու ու անտառներու մէջէն անցնող հետաքրքրական, բայց եւ առաւելագոյն ձեւով անվտանգ երթուղիներով : Ապագայի ծրագիրներու մէջ է ձիարշաւարանի մը հիմնումը, ուր հմուտ մասնագէտներու շնորհիւ, այցելուները առիթը պիտի ունենան ձիերով պտտելու այս տարածքներէն ներս։ www.apaga.info

Nouvelles d’ Armenie