ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը կը զրուցէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու ներկայացուցիչ Քաթրին Աշթընի հետ:
Էդուարդ Նալբանդեան իր ելոյթին մէջ նշած է թէ Հայաստան կ'ուզէ եւ կ'աշխատի զարգացնել ԵՄի հետ գործընկերութիւնը, հիմնուելով վերջին տարիներուն համատեղ ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ առաջընթացին վրայ:
Խօսելով տարածաշրջանային համագործակցութեան մասին, նախարար Նալբանդեանը շեշտեց, որ Թուրքիան, շարունակելով փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, կը խոչընդոտէ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ ԵՄ հետ Հայաստանի հաղորդակցութեան ու փոխադրային ուղիներու շահագործումը:
Նալբանդեան ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբին Հետ Քննարկած Է Ատրպէյճանական Յարձակողական Արարքները
Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 22 Յուլիսին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմզ Ուորլիքի, Փիեռ Անտրէյի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Նախարարը միջնորդներուն ուշադրութեան յանձնած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ բարձրագոյն մակարդակով սաստկացած ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, բանակցութիւններու էութիւնն ու բովանդակութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւնները, մարդկային զոհերու պատճառ դարձած՝ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան շատ կոպիտ խախտումներն ու ներթափանցման փորձերուն յաճախակի դառնալը: Ան նշած է, որ Ատրպէյճան իր սադրիչ քայլերով աւելի կը սրէ իրավիճակը՝ ակնյայտօրէն հակադրուելով ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու վերաբերեալ միջնորդ երկիրներու ղեկավարներուն բազմաթիւ յորդորներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահներուն հետ միացեալ ջանքերը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ ուղիով կարգաւորման ուղղուած:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն երկրին մէջ կուտակուած փտածութեան փորձը եւ հմտութիւնները տեղափոխել միջպետական յարաբերութիւններու դաշտ, սեփական հանրային կարծիքը շփոթահար պահելու նպատակով կը ջանան որոշ երկիրներէ կորզել յայտարարութիւններ, որոնք, գլխիվայր դարձնելով բանակցային հոլովոյթի բովանդակութիւնը, կը վնասեն անոնց յառաջընթացին:
Պրիւքսէլի մէջ նոյն օրը նաեւ կայացաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու տեսակցութիւնը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, «տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի արագացման ուղիները, այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնց մասին լաւ տեղեկացուած է հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ համանախագահ երկիրներու յայտարարութիւններուն հիման վրայ»:
Ուորլիք. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը
Զինուորական Լուծում Չունի»
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ եւ զանոնք կայուն խաղաղութեան փնտռտուքին «յետընթաց» նկատած է:
Անդրադառնալով լրագրողի այն նշումին, թէ սահմանին լարուածութեան այդպիսի աճի պայմաններուն մէջ տագնապի խաղաղ լուծումը կարելի՞ է, Ուորլիք պատասխանած է. «Միացեալ Նահանգներն ու Մինսքի խմբակը պատրաստ են օգնելու կողմերուն խաղաղ լուծում գտնելու հարցին մէջ: Զինուորական լուծում գոյութիւն չունի: Համանախագահները կը ցանկան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներուն նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ‘՝ քննարկել հետագայ քայլերը»:
Խօսելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Փարիզ հրաւիրելու նախաձեռնութեան մասին, Ուորլիք նշած է, որ յոյս ունի, որ նախագահները պիտի ընդունին այդ հրաւէրը:
«Երբ նախագահները հանդիպած էին Վիեննայի մէջ, մենք տեսանք, որ յառաջընթացը կարելի էր: Մենք կը հաւատանք, որ քննարկումներու շարունակութիւնը կարեւոր յառաջընթաց պիտի արձանագրէ՝ ուղղուած խաղաղութեան հաստատման», ըսած է ան:
Ուորլիք նաեւ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի ֆրանսացի նոր համանախագահ Փիեռ Անտրիէն արդէն ստանձնած է լիազօրութիւնները: