Երէկ առաւօտ, Արցախի Քաշաթաղի հիւսիսային կողմը, ականի վրայ պայթած է Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեանը տեղափոխող ինքնաշարժը:

Այս մասին կը հաղորդէ Shamshyan.com կայքէջը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ պայթումին հետեւանքով զոհուած է քաղաքապետի վարորդը, իսկ երեք ուրիշներ ստացած են մարմնական վնասուածքներ:

Արմաւիրի քաղաքապետն ու միւս վիրաւորները ուղղաթիռով կը տեղափոխուին Երեւան:
Ըստ Tert.am-ի՝ Արմաւիրի մարզէն ԱԺ պատգամաւոր Հրանդ Գրիգորեանը հաստատած է տեղեկութիւնը: