Ինչպէս մեր երէկուան թիւով հաղորդած էինք, Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը ընթացքի մէջ է դաստիարակչական-զբօսաշրջական ծրագրով: Հաւաքին մասնակիցները դասախօսութիւններ լսեցին Հայ Դատի եւ Վրաստանի հայ համայնքին մասին, ապա նաեւ այցելութիւն մը տուին Երեւանի Պետական համալսարան:

Կիրակի, 20 Յուլիսին Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները լսեցին «Հայ դատ, 100-ամեակ եւ հատուցում» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան խօսեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին՝ նկատի ունենալով քանի մը տարբեր մարզեր՝ հողային պահանջներ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ եւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններ, ու շեշտը դնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վրայ:
Ապա առիթ տրուեցաւ ֆորումականներուն իրենց հարցումները ուղղելու օրուան դասախօսին: Պատասխանելով հարցումներուն՝ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է ճանաչման հանգրուանէն անցնիլ հատուցումի հան- գրուանին: Ան աւելցուց, որ սփիւռքը պէտք է հատուցման մասին հարցեր բարձրացնէ թէ՛ քաղաքականօրէն, եւ թէ՛ գիտականօրէն:
Կէսօրուան ճաշէն ետք Համազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ: Երեւան վերադարձին անոնք դիտեցին Հայաստանի Պարի պետական համոյթի ելոյթը՝ Արամ Խաչատուրեանի ան-ւան համերգասրահին մէջ:
Երեկոյեան ընթրիքէն ետք հաւաքին մասնակիցները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը եւ հաճելի երեկոյ մը անցուցին:
Համազգայինի 20-րդ ուսանողական ֆորումի երրորդ օրը՝ 21 Յուլիս 2014-ին, հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սիմոնեան խօսեցաւ համալսարանի բաժանմունքներուն, այլ համալսարաններու հետ համաձայնագիրներու, ինչպէս նաեւ հայագիտական ճիւղերու մասին: Ֆորումականները ուղղեցին շարք մը հարցումներ եւ հետա- քրքրութիւն ցուցաբերեցին ապագային Հայաստանի մէջ ուսանելու գծով: Հանդիպումի աւարտին մասնակիցները այցելեցին համալսարանի թանգարանը:
Ապա, խումբը այցելեց Երեւանի Ճատրակի տուն եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան:
Ճաշի դադարէն ետք, ֆորումականները լսեցին շահեկան դասախօսութիւն մը լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի կողմէ՝ «Հայկական ժառանգութիւնը Ջաւախքի եւ արդի Վրաստանի մէջ» խորագիրով: Դասախօսը զեկուցեց համշէնահայութեան, Աբխազիոյ, Ջաւախքի եւ ընդհանուր առմամբ Վրաստանի հայկական համայնքին մասին‘ անդրադառնալով շրջանի քաղաքական եւ ժողովրդագրական պատկերին:
Ապա, Ֆորումականները ներկայ գտնուեցան քարաօքէի երեկոյի մը եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամանակ անցուցին: