Թաշքենտ-Սոչի-Երեւան թռիչքով Հայաստան վերադարձաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը:
Հայաստանի հաւաքականին դիմաւորելու եկած էին 100-է աւելի համակիրներ, հարազատներ, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան եւ պաշտօնական այլ հիւրեր:
Գիւմրիի մէջ եւս տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Արթուր Ալեքսանեան ուսամբարձ ընդունուեցաւ իր ծննդավայրին մէջ:
Հրաչիկ Բաբայեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանութեան 2րդ դիրքը
Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կը շարունակուի Հրաձգութեան աշխարհի 51րդ մրցումը: Կիրակի, Սեպտեմբեր 14ին, հայրենի մարզիկ Հրաչիկ Բաբայեան Օդամղիչ հրացան (10 մեթր, 60 կրակոց) երիտասարդներու մրցումի որակաւորման փուլին ընթացքին բացառիկ արդիւնք ձեռք ձգեց: Արդարեւ, 78 մասնակիցներու շարքին, Հրաչիկ 624.9 միաւորով գլխաւորեց մրցաշարքի աղիւսակը: 624.1 միաւորով, Հրաչիկին յաջորդրեց ֆրանսացի Լորենզօ Պուֆարը, 3րդ հանդիսացաւ չինացի Ցէ Վանկը՝ 623.7 միաւորով, 4րդը Փենկ Վիւն՝ 623.2 միաւորով, 5րդը ռուս Եւկենի Փանչենքօն՝ 623 միաւորով, 6րդը ֆրանսացի Ալեքսիս Ռայնաուտը՝ 622.9 միաւորով, 7րդը ռուս Վլատիմիր Մասլենիքովը՝ 622.8 միաւորով, իսկ 8րդը՝ Պրայըն Փատուին:
Լաւագոյն ութեակը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին մասնակցեցաւ եզրափակիչ փուլին: Եզրափակիչի արդիւնքներուն համաձայն՝ 1ին տեղը գրաւեց ռուս Վլատիմիր Մասլենիքովը՝ 206.8 միաւորով, 2րդ տեղը Հրաչիկ Բաբայեանը՝ 205.7 միաւորով, իսկ 3րդը նոյնպէս ռուս Եւկենի Փանչենքօն՝ 185.3 միաւորով։