Վաղը Հինգշաբթի 18 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի հայրենիք-սփիւռք համահայկական հինգերորդ համաժողովին: 

Երկօրեայ խորհրդաժողովի կազմակերպման առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է համաժողովի կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, յայտնելով թէ սփիւռքի 600-է աւելի կառոյցներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը եւ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի:

Համաժողովը կը կազմակերպուի բացառիկ ներկայացուցչական մթնոլորտի մէջ, սփիւռքի մեծ թիւով կառոյցներու ներկայութեան:

Յունաստանէն ժողովին ներկայ կ'ըլլան «Ազատ Օր»ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները:

«Գիտէք, որ համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր համահայկական կառոյցներու ղեկավարները. պիտի մասնակցին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Կաթողիկէ պատրիարքը եւ միւս բոլոր առաջնորդները: Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ եւ պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ հանրապետութեան վարչապետը», ըսաւ Հրանուշ Յակոբեան:
Ըստ նախարարին, համաժողովը տեղի պիտի ունենայ երկու մասով՝ լիագումար եւ ըստ ուղղութիւններու նիստեր: Համաժողովի աշխատանքները պիտի իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նիւթով, ապա երկրորդ նիւթը պիտի առնչուի սուրիահայերուն եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու ապահովութեան հիմնախնդիրներուն: Երրորդ հարցը պիտի առնչուի լեզուի պաշտպանութեան եւ մամուլին, ու չորրորդ հարցը՝ հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ձեւերու կատարելագործման:
Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու 7-րդ համաժողովը, սփիւռքէն 120 խմբագիրներու եւ հայաստանեան մամուլի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Համաժողովի մասնակիցները պիտի ընդունուին հանրապետութեան վարչապետին կողմէ, այնուհետեւ անոնք պիտի այցելեն Ազգային ժողով: Ըստ ծրագրի նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ հանդիպում: Միաժամանակ, Կիրակի 21 Սեպտեմբերին, նախատեսուած է մասնակիցներու ներկայութիւնը Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած հանրապետութեան նախագահի ընդունելութեան:
Հրանուշ Յակոբեան զեկուցած է, թէ վարչապետին յանձնարարութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները՝ համապատասխան նախարարութիւններու եւ կառոյցներու հետ, յաջողութեամբ իրականացած են եւ ամէն ինչ պատրաստ է, որպէսզի արդիւնաւէտ եւ բովանդակալից խորհրդաժողով գումարուի: