Ընկերվար Միջազգայնականի (Սոցինտերն) ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի կ'ունենայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ, այդ երկրի Համազգային Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ։

Ժողովին կը մասնակցին ներկայացուցիչներ Մոլտովայի, Պելառուսի, Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Ղազախստանի, Հայաստանի, Տաճիկիստանի, Ատրպէյճանի եւ Հունգարիայի կուսակցութիւններէն։ Ներկայ է նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան։
Ժողովին մասնակից Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան կազմը կը բաղկանայ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանէ, որ նիստի համանախագահն է եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէ։
Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ղազախստանի Համազգային Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ժարմախան Տույաքբայ։
Նիստի առաջին օրակարգը կը վերաբերէր տարածաշրջանի հակամարտութիւններուն եւ խաղաղութեան հաստատման ճիգերուն։ Գլխաւոր թեման Ուքրանիոյ իրադարձութիւններն են։ Ելոյթ ունեցան Ուքրանիոյ Ընկերվար Ժողովրդավար, «Արդար Ռուսաստան», Հ.Յ.Դ. (Արմէն Ռուստամեան) եւ այլ կուսակցութեիւններու ներկայացուցիչներ։
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններով եւ կազմակերպութիւններով։
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը փոխ նախագահի պաշտօն ունի: