Երէկ Հայաստան ժամանեցին ԱՊՀ երկիրներու Զինուած Ուժերու մասնագէտները՝ Հոկտեմբեր 22-23ին ԱՊՀ-ի պետութիւններու ԶՈՒ չափագիտական ծառայութիւններու ղեկավարներու համադրման կոմիտէի անդրանիկ հաւաքին մասնակցելու համար:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած է «Օսմանեան կայսրութիւնում պոնտոսի-յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու եւ այլ ազգերու ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը:

Արցախի պետական հեռատեսիլի կայանին կողմէ պատրաստուած է տեսանիւթ մը որ կÿ՛անդրադառնայ Վարդենիս-Քարվաճառ-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն եւ անոնց հանգրուանային ընթացքին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ երէկ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեանի՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն հայեցակարգի վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնելու յետաձգումը պայմանաւորուած չէ՞ ոչ իշխանական եռեակին ճնշումով, ըսաւ.

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Կիրակի անակնկալօրէն այցելած է բանակի սահմանամերձ զօրամասերէն մէկը: