Հայաստանի կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը տուած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան համաձայնագրի նախագիծին: Նախագիծը ներկայացուցած է Ելեւմուտքի փոխ նախարար Սուրէն Կարայեան:
Փաստաթուղթի բովանդակութիւնը երեք օրուան ընթացքին ստուգման պիտի ենթարկուի՝ թարգմանութեան համար:
Մասնաւորապէս, կողմերը տուրքերը եւ մաքսային այլ վճարումները պիտի բաժնեն նախապէս որոշուած համեմատութեամբ. Հայաստանին բաժին պիտի իյնայ գանձումներուն 1,13 տոկոսը, Պելառուսին՝ 4,65 տոկոսը, Ղազախստանին՝ 7,25 տոկոսը, Ռուսաստանին՝ 86,97 տոկոսը։
Հայաստան լուծած է նաեւ շարք մը ապրանքներու նախկին մաքսատուրքերը պահպանելու հարցը, որ երկար քըննարկումներու նիւթ եղած էր: Երկրին տնտեսութեան համար կարեւոր եւ երրորդ երկիրներէն արտածուող շարք մը ապրանքներու պարագային քանի մը տարի պիտի գործէ Հայաստանի մէջ սահմանուած մաքսատուրքը:
Այդ ապրանքներուն համար մաքսատուրքերը պիտի աւելնան աստիճանաբար՝ 7 տարուան ընթացքին, միջինը 2-3, յատուկ պարագաներու՝ մինչեւ 15 տոկոսով: Իսկ մինչեւ 2022 Հայաստան ամբողջութեամբ պիտի անցնի ԵՏՄ-ի միասնական տուրքերուն:
ԱՊՀ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ վաղը Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին, Մինսքի մէջ: