Փարիզի Մարինյի պալատէն ներս Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան աւարտեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները, որու նախաձեռնած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Մարտակերտի շրջանի Տօնաշէն գիւղ, ուր մասնակցեցաւ արցախեան ականաւոր քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ անցնող օրերուն հրատապ կարգով քննարկուեցաւ կառավարութեան ներկայացուցած ծրարը՝ սահմանամերձ համայնքներուն հարկային արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ:

Անցնող շաբաթավերջին Հայաստան գտնուեցաւ Լիտվայի արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինկյավիչուս, իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումը կը կայանայ այսօր, Հոկտեմբեր 27ին, Փարիզի մէջ: