Էդվարդ Նալբանդեանը անցնող շաբաթավերջին ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Փոփովըն, Փիեռ Անդրիուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անջէյ Քասփրչիկը:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան քըննարկումները՝ արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներու շուրջ:
Նախարար Նալբանդեանը համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն կէտի վրայ, որ Փարիզի նախագահներու հանդիպումէն առաջ բազմապատկուած են հրադադարի խախտումները ատրպէյճանական զինուժի կողմէ, ինչ որ դարձած է Պաքուի սովորական գործելաոճը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպումներէ առաջ։
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտեց, որ Ատրպէյճանը, ձեւացնելով, թէ պատրաստ է սկսելու խաղաղութեան պայմանագրի մշակումը, կը փորձէ հիմնախնդրի շուրջ քննարկումները տեղափոխել այլ հարթակներ, ինչպէս եւ կը փորձէ ձախողեցնել միջնորդութեան միջազգային պարտականութիւն ունեցող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիի տակ հիմնախնդրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնութեան բանակցային գործընթացը:
Նախարարը շեշտեց, որ, իրականութեան մէջ, իր ապակառուցողական քայլերով, Ատրպէյճանը ցոյց կուտայ, որ պատրաստ չէ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղուելու։
Նախարար Նալբանդեանը նաեւ համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի մտացածին յայտարարութիւններուն վրայ, որ կÿըսէ թէ համանախագահներու կողմէ իբրեւ թէ առաջարկուած է փորձագէտներու կողմէ բանակցութիւններ սկսելու պարագան՝ Պաքուի համար նախընտրելի տարրերու շուրջ: Նալբանդեան շեշտած է, թէ այս խօսքերը աւելիով կը փաստեն, որ Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպումէն առաջ՝ ազերիական կողմը անգամ մը եւս իր անլուրջ մօտեցումը ցոյց կուտայ: