Սկսած Է ՀՀ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի
Պաշտօնական Այցը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առաջին փոխ նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրի հրաւէրով ժամանած է Իրան:

Թեհրանի «Մեհրապաղ» օդակայանին մէջ պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք վարչապետ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է ԻԻՀ թագաւորական «Սաատապատ» պալատ, ուր կայացած է Յովիկ Աբրահամեանի եւ Էսհաղ Ճահանկիրի հանդիպում-առանձնազրոյցը:
Այս մասին ինչպէս կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն, վարչապետ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է Էսհաղ Ճահանկի- րին Իրան այցելելու հրաւէրին համար եւ համոզում յայտնած, որ այցը պիտի նպաստէ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման եւ նոր եռանդ պիտի հաղորդէ փոխշահաւէտ գործակցութեան:
Կողմերը եւս մէկ անգամ շեշտած են տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը եւ փոխգործակցութեան զարգացումը շարք մը ոլորտներու մէջ :
Վարչապետ Աբրահամեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին պայմանագիրը նոր հեռանկարներ պիտի բանայ երկրի տնտեսութեան հետագայ զարգացման եւ օտարերկրեայ ներդրումներու համար:
Այնուհետեւ, Իրանի նախագահական նստավայրին մէջ 20 Հոկտեմբերին կայացած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հանդիպումը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ Իրան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը պիտի նպաստէ հայ-իրանական տնտեսական կապերու աշխուժացման, նոր ներդրումներու ներգրաւման՝ հաստատելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են դարաւոր բարեկամութեան հիմքերու վրայ:
Հասան Ռուհանի ըսած է, որ այս այցելութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման: