«Աշ­խար­հի միա­ցեալ քո­լեճ­ներ» կրթա­կան ցան­ցի մաս կազ­մող՝ Դի­լի­ջա­նի դպրո­ցի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ օ­րե­րուն, ո­գե­ւո­րու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ:

Մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող կրթա­հա­մա­լի­րի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ներ­կայ ե­ղան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նը, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Բ., Ան­տիո­քի եւ Հա­մայն Ա­րե­ւել­քի Պատ­րիարք Մո­րան Մոր Իգ­նա­տիուս Եփ­րեմ Բ., պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան գտնո­ւող Սեր­պիա­յի Նա­խա­գահ Տո­միս­լավ Նի­կո­լի­չը, Ար­ցա­խի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նը, կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր:

Դպ­րո­ցի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց Տա­ւու­շի թե­մի ա­ռաջ­նորդ Տէր Եզ­նիկ ար­քե­պիս­կո­պոս Պետ­րո­սեա­նը, ա­պա ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը:

Կր­թա­կան հա­մա­լի­րէն ներս շրջայ­ցի ա­ւար­տին ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան դպրո­ցի բա­րե­րար­նե­րու յու­շա­տախ­տա­կի բաց­ման: Այ­նու­հե­տեւ նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մե­տալ­նե­րով պար­գե­ւատ­րում­ներ կա­տա­րեց՝  ակ­նա­ռու ա­ւանդ ու­նե­ցած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք օգ­տա­կար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն  ու­նե­ցան Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի կա­ռուց­ման ու գոր­ծարկ­ման աշ­խա­տան­քին մէջ, նպաս­տե­լով  կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռի զար­գաց­ման ու մի­ջազ­գա­յին գի­տակր­թա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: Պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­նե­րը ան­ձամբ յանձ­նեց նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նը:

Շ­նոր­հա­ւո­րե­լով նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րը եւ դպրո­ցի հիմ­նա­դիր­նե­րը՝ նա­խա­գահ Սարգ­սեան  ընդգ­ծեց, որ սա Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ծա­ւա­լուն մի­ջազ­գա­յին ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րե­րէն մէկն է  եւ  այն ի­րա­կա­նաց­նե­լու ա­ռա­ջար­կը կը հա­մընկ­նէր Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յի ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տա­կադր­ման հետ:

 

 96 ա­շա­կերտ եւ 25 ու­սու­ցիչ

Տա­ւու­շի մար­զի Դի­լի­ջան քա­ղա­քին մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած UWC Dilijan College-ը՝ ա­ռա­ջին մի­ջազ­գա­յին դպրոցն է Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ  ԱՊՀ տա­րած­քէն ներս: Ներ­կայ պա­հուն Դի­լի­ջա­նի դպրո­ցէն ներս ի­րենց ու­սու­մը կը ստա­նան 16-17 տա­րե­կան 96 ա­շա­կերտ: Նա­խա­տե­սու­թիւն կայ 2023ին դպրո­ցը հասց­նել լիա­կա­տար գոր­ծու­նէու­թեան, երբ  ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւը պի­տի կազ­մէ 650, իսկ ու­սու­ցիչ­նու թի­ւը ա­ւե­լի քան 60 հո­գի: Դպ­րո­ցի հիմ­նա­դիր-գոր­ծըն­կեր Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նը իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թեա­ն խօսք ուղ­ղեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք հա­ւա­տա­ցին այս ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման եւ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը չզլա­ցան: Ան յոյս յայտ­նեց, որ Դի­լի­ջա­նի դպրո­ցը օ­րի­նակ պի­տի դառ­նայ հա­մաշ­խար­հա­յին կրթա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման: Ան նաեւ յոյս յայտ­նեց, որ դպրո­ցը պի­տի սա­տա­րէ տեղ­ւոյն հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու կրթա­կան մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման:

Դպ­րո­ցի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը զբա­ղեց­նող Ճոն Փա­դը­ֆուդ նշեց, որ պի­տի դա­սա­ւան­դո­ւին թո­ւա­բա­նու­թիւն, օ­տար լե­զու­ներ, սա­կայն հա­յե­րէ­նը ա­ռայժմ նե­րառ­նո­ւած չէ օ­տար լե­զու­նե­րու ծրագ­րին մէջ: Ան յոյն յայտ­նեց որ մօտ ա­պա­գա­յին կը յա­ջո­ղո­ւի ու­սու­ցա­նել նաեւ հա­յե­րէն լե­զուն: Ն­շենք սա­կայն, թէ դա­սա­ւան­դու­մը հա­յե­րէն է, որ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տար հա­մալ­սա­րան­նե­րու կող­մէ ճանչ­ցո­ւած IB Diploma ծրագ­րով:

Նա­խա­գի­ծի ի­րա­կա­նաց­ման ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րին ա­ւե­լի քան 200 նո­ւի­րա­տու­ներ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ: Բաց­ման պա­հուն շի­նա­րա­րա­կան ծախ­սը կազ­մած է 115 մի­լիոն տո­լար: Երկ­րորդ փու­լի շի­նա­րա­րու­թեան ար­ժէ­քը 75 մի­լիոն տո­լար է: Կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ ամ­բողջ ըն­թաց­քին նա­խա­գի­ծի յա­ւե­լեալ ծախ­սը՝ պի­տի չգե­րա­զան­ցէ 30 մի­լիոն տո­լա­րը: Հա­յաս­տա­նի մէջ մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը ծա­գած էր 2006 թո­ւա­կա­նէն, իսկ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսան վեց տա­րի­ներ ա­ռաջ: