Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբը ողջախոհութեան կոչ ուղղեց ԱՄՆ Քոնկրեսին՝ յորդորելով կրճատել Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը:
Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը խստորէն դատապարտեց ատրպէյճանական խումբերու յարձակման գործողութիւնը սահմանի գիծին վրայ:
Ան բարձր գնահատեց հերոսաբար զոհուած կրտսեր սերժանտ Արմէն Յովհաննիսեանի սխրանքը, որ իր զինակից ընկերներուն հետ կարողացան ետ մղել հակա- ռակորդի բազմանդամ խումբերը:
«Ատրպէյճանի վերջին ճակատագրական յարձակումը շփման գիծին վրայ ցաւալիօրէն եւ խորապէս կը շեշտէ միջազգային հանրութեան կողմէ Կովկասի մէջ պատերազմ վերսկսելու Պաքուի արշաւը հիմնաւորապէս չսանձելու կամ չհակազդելու պատճառով՝ մարդկային կորուստներու գինը: Սա պէտք է առնուազն ահազանգ հանդիսանայ այստեղ՝ Ուաշինկթընի մէջ, որ Քոնկրեսը կասեցնէ Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը»,- ըսած է Արամ Համբարեանը: