Ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, կազմուած՝ Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի ներկայացուցիչներէ, 21 Յունուարին հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան բարձրագոյն անձնակազմին հետ՝ Տօղու Փերինչէքի հարցով դատարանի ծանօթ որոշումին կապակցութեամբ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, հայկական պատուիրակութիւնը առաջին հերթին ընդգծեց, որ հայութիւնը, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, իր բոլո՛ր հոսանքներով, միասնակա՛ն, կ’ակնկալէ, որ Պեռն իր որոշումին մէջ մնայ յանձնառու եւ հաստատակամ ու անպայման վերադատ կարգով դիմէ Եւրոպական Դատարանին, որուն իրաւունքը սահմանուած է երեք ամիս՝ սկսեալ 17 Դեկտեմբեր 2013-էն: Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ այս ակնկալութիւնը համահայկական է եւ որ Զուիցերիա պարտի համապատասխան լուրջ ու յանձնառու կեցուածք որդեգրել:
Զուիցերիական կողմը ուշադիր արձանագրեց ամբողջ հանդիպման բովանդակութիւնը՝ քաղաքական, իրաւական, տնտեսական իր բաժանումներով, վստահեցուց որ Պեռն ամենայն պատասխանատուութեամբ կը վերաբերի այս խնդրին՝ հակառակ շրջագայող այն կարծիքին, թէ Զուիցերիա հարկ եղած ծանրութեամբ չի հակազդեր Եւրոպական Դատարանի վճիռին, հաւաստելով, որ «նոյնիսկ եթէ ըստ տարաձայնութեանց՝ Պեռնի վրայ եղած են ուղղակի թէ անուղղակի թրքական ճնշումներ, որ ճիշդ չէ, Զուիցերիա միշտ ալ կը պահպանէ իր գերիշխանութիւնը եւ իրեն յարիր քաղաքական չէզոքութիւնը»:
Նոյն օրը, համայնքային այլ պատուիրակութիւն մը, աւելի ճիշդ՝ մասնագիտական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ իրաւաբաններէ եւ օրէնսգէտներէ, իր հերթին կ’ունենայ հանդիպում զուիցերիական միեւնոյն անձնակազմին հետ՝ քննարկելու այս անգամ զուտ իրաւական դաշտին վերաբերող կէտեր այս թղթածրարին առնչութեամբ:
Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ