Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ամսոյս 8-10 տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու «Օփըրէյշըն ռիսըրչ սոսայիթի oֆ Ամերիկա» համագումարը, որուն կը մասնակցէին բազմաթիւ գիտնականներ: Այդ գիտնականներու մէջ կը գտնուէին երեք հայեր՝ Մանկասարեան, Մուրատեան եւ Տէր Կարապետեան:

Ամերիկայի մէջ հրապարակ ելած է նոր երգապնակ մը, որ կը կոչուի «Հայաստան երգերի մէջ»: Նիւ Եորք պատրաստուած այս երգապնակի մէջ ամփոփուած են 14 կտորներ: Նիւ Եորքի մէջ երրորդ տարին է, որ կը բեմադրուի Ռիք Պեսոյեանի երաժշտական թատրերգութիւնը:
 
Ժերանեանի ցուցահանդէսին առիթով «Թրիպիուն տը Ժընեւ» կը գրէ. «Ժերանեան ծագումով հայ է, բայց իր նկարչութիւնը յատկապէս հայկական ոչինչ ունի: Հարաւային է, այն իմաստով, որ հանրութիւնը բնազդով կու տայ այս ածականին: … Կը թելադրեմ, որ այցելեն փոքր սրահը, ուր հաւաքուած են քանի մը գրչագծագրութիւններ եւ քանի մը իւղանկարներ: Թուղթի վրայ իւղերը, գլխաւորաբար, գեղեցիկ կորովի են, լաւ հաւասարակշռուած, լուսաւոր»: Իսկ «Ժուռնալ տը Ժընեւ» կը գրէ.- Գործեր կը ցուցադրէ իր հզօր իրատեսութեան մէջ, ճշգրիտ շեշտեր ունի, անուշ ծաղիկներու եւ լայն մեռած բնութիւններու մէջ:

Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Ներսէս վրդ. Բախտիկեան թեմական այցելութիւն տուած է Չհարմահալ գաւառին: Յաջորդ առաւօտ հայր սուրբը այցելութիւն տուած է նահանգապետին եւ տեսակցութիւն ունեցած է անոր հետ: Առաջնորդական տեղապահը շրջակայ գիւղերը այցելած է եւ հոգեւոր մխիթարութիւն տուած է ցիր ու ցան հայերուն: Չհարմահալի երբեմնի հայաշատ այս կեդրոնը այժմ գրեթէ դատարկուած է իր հայ բնակչութենէն: Հոն ներկայիս կ՛ապրին 205 հայեր եւ շրջակայ երեք գիւղերով միասին ունին 52 աշակերտ: