Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, եգիպտահայ յայտնի նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան տուաւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը՝ «Հայ արուեստներու կարեւորութիւնը հայապահպանման գործին մէջ» նիւթին շուրջ:
Դասախօսը, արուեստագէտի խառնուածքով եւ իրաւ հայու հարազատ շունչով ջանաց բացատրել հայ մշակոյթի կենսական կարեւորութիւնը ազգապահպանման նուիրական գործին մէջ: Ժողովուրդ մը, որքան բարձր ըլլայ մշակոյթով, այնքան աւելի կը գնահատուի եւ ինքզինք կը պարտադրէ օտարներուն, որոնք մեզ կը դատեն այն անձերով, որ կը ճանչնան, եւ այն ծանօթութիւններով, որ կրնան ունենալ մեր մասին: Յարգելի դասախօսը երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք հրատարակած է պատկառելի հատոր մը՝ նուիրուած հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու, որոնք ներկայացուած են իրենց կենսագրականով եւ գլխաւոր գործերով: Սքանչելի գործ մը, որ արժանի է ամէն գնահատանքի: Այս ծաւալուն աշխատասիրութեան ընթացքին Օննիկ Աւետիսեան նկատած է բազմաթիւ պակասներ եւ թերիներ, որոնք կը կարօտին լուրջ ուշադրութեան, եթէ կ՛ուզենք կորուստէ փրկել դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած մեծ թիւով նկարիչներ եւ արուեստագէտներ: Իր մտահոգութիւնները ամփոփեց 6 կէտերու մէջ, որոնց իրագործումը պարտականութիւնն է իր արժանապատուութեան նախանձախնդիր ամէն ժողովուրդի: Բազմաթիւ հայ նկարիչներ զանազան երկիրներու մէջ՝ Թուրքիա, Իրան, Եգիպտոս եւ այլուր գրաւած են առաջնակարգ դիրքեր, սակայն անոնց կեանքն ու գործը անծանօթ կը մնան մեզի: Միջազգային համբաւի տիրացած արուեստագէտներ ունինք, որոնց գործերը կը մնան զանազան անյայտ վայրեր: Հարկ է, որ սփիւռքի մեր հայ կազմակերպութիւնները լրջօրէն մտածեն այս հարցին մասին: Նախ ապրին մեր մշակոյթով, իրենց խանդավառութեամբ վարակեն մեր մեծահարուստները, որպէսզի անոնք հովանաւորեն եւ քաջալերեն մեր երիտասարդ տաղանդները, որոնցմէ ոմանք ի սպառ կը կտրուին հայ կեանքէն օտար ոստաններու մէջ: