Պոլսոյ թրքական «Քարիքաթիւր» թերթը յարձակողական մը տպագրած է փոքրամասնութեանց եւ մասնաւորաբար հայերու դէմ, որոնք ամբաստանուած էին Հալք կուսակցութեան ի վնաս քուէարկութեամբ:
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը պատասխանելով «Քարիքաթիւր»ին՝ ի մէջ այլոց կը գրէ.- «Քարիքաթիւր»ը իր խմբագրականով ամբողջ մաղձ մը կը թափէ փոքրամասնութեան գլխուն անոր համար, որ ըստ իրեն, փոքրամասնութիւն կոչուած զանգուածը իր քուէները կեդրոնացուցած է ոչ հալքեան կուսակցութիւններու վրայ: Նախ՝ ո՞վ ըսած է, թէ փոքրամասնութիւնները միաձայնութեամբ հակահալքեան քուէ գործածած ըլլան եւ յետոյ, ո՞վ իրաւունք տուած է «Քարիքաթիւր»ին, որպէսզի սպառնալիքներ տեղացնէ հայրենակիցներու վրայ, որոնք պարկեշտօրէն գործածած են իրենց քուէները եւ յայտնած՝ իրենց կամքը, ինչպէս՝ բովանդակ երկիրը: Ժողովրդավար բոլոր հաւաքականութիւններու մէջ, ուր քուէներու թիւն է, որ կը խօսի, անշուշտ որ պիտի գտնուին խմբակներ, որոնք փոքրամասնութեան մէջ պիտի մնան: Բայց դարձեալ ժողովրդավարութեան իբրեւ արդիւնք՝ այդ խմբակները ոչ թէ քէն կը սնուցանեն իրենց քուէ չտուողներուն հանդէպ, այլ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն յաջորդ շրջանին անոնց համակրութիւնը ապահովելու համար:
Հայկազեան քոլեճի տնօրէնութեան կարգադրութեամբ, այս տարուան ընթացքին ամէն Երկուշաբթի երեկոյ, դասախօսութիւններ պիտի տրուին հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ գրականութեան մասին: Պիտի հրաւիրուին 25 մտաւորականներ՝ դասախօսելու համար վերոյիշեալ նիւթերուն շուրջ: Պիտի հրաւիրուին՝ ուսուցիչներ, գրագէտներ եւ խմբագիրներ, ամէն խաւերէն անխտիր: Անցնող երկուշաբթի այս դասախօսութեանց շարքին բացումը կատարեց վերապատուելի Տիգրան Խրլոբեան, որ Հայկազեանի հայկական ամպիոնին պետն է: Նիւթն էր՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, նկատելով, որ այս տարին կը զուգադիպի անոր ծննդեան 1600-ամեակին: