Երեւանի կարգ մը փողոցները տարբեր անուններով մկրտելու որոշում տուած է Երեւան քաղաքի խորհուրդին գործադիր կոմիտէն: Այսպէս, Լենինի անունը կրող պողոտան այսուհետեւ պիտի կոչուի Յովհաննէս Թումանեանի փողոց:
Թումանեանի փողոցը՝ Սահակ Տէր Գաբրիէլեանի անունը պիտի կրէ: Բարեկամութեան փողոցի անկիւնէն մինչեւ Նալբանդեան փողոցին անկիւնը երկարող հատուածը՝ Աւետիք Իսահակեան անունը: Նոր բացուող փողոցը՝ Հոկտեմբերեան պողոտայի անկիւնէն մինչեւ Նալբանդեան փողոցը՝ Աղասի Խանջեանի անունը: Էներգիտիկներու փողոցը՝ Սարգիս Կասեանի անունը: 2-րդ Պռօշեան փողոցը՝ Դերենիկ Դեմիրճեանի անունը: Իսկ Սթալինի պողոտան վերամկրտուած է Լենինի անունով:
Փեշտա մեկնած է հայ արուեստագէտներու պատուիրակութիւն մը, ծանօթացնելու համար հայ երաժշտութիւնը հունգար հասարակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կոմիտասի ծանօթ քառեակը, երգչուհի Գոհար Գասպարեան, երգիչ Նար Յովհաննիսեան, երգահաններ՝ Ա. Յարութիւնեան, Արտօ Բաբաջանեան եւ խմբավար Օհան Դուրեան:
Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութիւնը պաշտօնական հրամանագրով՝ Ընկերային Ապահովութեան նախարար նշանակած է Լեւոն Մելքոնեանը: Նոյն ձեւի հրամանագրով մը պաշտօնէ հեռացուած է նախկին նախարար Ղ. Մադոյեան, «վատ առողջութեան պատճառով այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ»:
Հանգուցեալ բժշկապետ Օրբելեանի փափաքին համաձայն, Լենինկրատէն Հայաստան փոխադրել տուած է ակադեմականին գրադարանը, որ կը պարունակէ զանազան երկիրներու մէջ հրատարակուած 4.300 կտոր ռուսերէն, անգլե-րէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն գիրք եւ պարբերաթերթ, բնագիտութեան, բնալուծութեան եւ բժշկական գիտութեան զանազան հարցերու մասին: