Կաթողիկէ հայոց Ֆիքսի հաստատութեան սրահին մէջ, աննախընթաց խանդավառութեամբ ու մեծ թիւով ընկերներու եւ երկսեռ հայրենակիցներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան «Օր»ուան փառաշուք տօնակատարութիւնը:

Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Յունաստանի կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր առաջնորդ գերյ. Յովսէփ ծվրդ. Խանցեան, ժողովրդապետ՝ գեր. Յովհ. վրդ. Գոյունեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան, Տնտեսական խորհուրդի անդամներ, Ֆիքսի Թաղական խորհուրդը, Աւետարանական վարժարանի տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդէսը բացուեցաւ հելլէն եւ հայկական ոգերգներով, որոնք երգուեցան Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի Ֆիքսի «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբի երկսեռ անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ ընկ. Աբրահամ Յարութիւնեանի: Օրուան նախագահ ընկ. Զաքար Զաքարեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 71 տարիներու գործունէութեան ու ապա ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը բոլոր հերոսներուն: Ընկ. Ագապի Գէորգեան արտասանեց Ա. Ահարոնեանի «Նրանց»ը: Ընկ. Գրիգոր Գզրեան մեներգեց Ա. Մերանգուլեանի «Խաչատուր Աբովեան»ը: Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կողմէ ընկ. Մարգար Շարապխանեան կարդաց ոգեշունչ ուղերձ մը: Ապա ընկ. Նուպար Աճէրեան արտասանեց Միքայէլ Վարանդեանի «Հայ Հերոսներ»ը: Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգային Իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան, որ խօսեցաւ կարճ բայց կուռ ճառ մը: Հանդէսին երկրորդ մասը սկսաւ Աւետիս Ահարոնեանի «Վազրիկ» պատմուածքէն  առնուած խորհրդապատկերով մը, որ շատ յաջող կերպով պատրաստուած էր: Նախագահին փակման խօսքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: