Յունահայ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ  սրբազան, ներկայ գտնուած է Աթէնքի լիբանանեան դեսպանատունը, Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան կազմակերպած բինկ-բոնկի մրցաշարքը կը  շարունակուի մեծ խանդավառութեամբ: Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կեսարիանիի ակումբը: Գոքինիոյ մասնաճիւղի բինկ-բոնկի խումբը ներկայացած չըլլալով, ըստ օրէնքի պարտուած  նը-կատուեցաւ: Շրջ. վարչութեան կողմէ ներկայ եղան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան եւ փոխ-ատենապետ եղբ. Լ. Գայեան, ինչպէս նաեւ Կեսարիանիի ատենապետ եղբ. Ե. Քէմէնչէճեանը: Փորձ-մրցումները տեղի ունեցան հետեւեալ արդիւնքներով.- Կապիս Եագուպեան (Գարէա) 63 կէտ, Վահան Սեվտայեան (Կեսարիանի) 61 կէտ, Միհրան Պ. Սարգիսեան (Ֆալիրօ) 26 կէտ, Մինաս Խանճեան (Կեսարիանի) 43 կէտ, Սիմոն Սիմոնեան (Կեսարիանի) 67 կէտ, Սարգիս Գալուստեան (Գարէա) 63 կէտ, Թորոս Եզեկիէլեան (Գարէա) 32 կէտ, Գառնիկ Խանճեան (Կեսարիանի) 43 կէտ: Փոխն ի փոխ իրաւարարի պաշտօն կատարեցին եղբ. Կարպիս Սէրեան, եղբ. Կ. Եագուպեան եւ եղբ. Վ. Սեւտայեան: Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան յատարարեց թէ՝ իր կողմէ արձան մը կը նուիրէ առաւելագոյն կէտը շահող անհատ մարզիկին, իսկ Շրջ. վարչութիւնը կը նուիրէ բաժակ մը՝ յաղթական խումբին:

Յաջորդ ամիս տաղանդաւոր դաշնակահար  Ռաֆֆի Պետրոսեան, ռեսիթալ մը պիտի տայ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, մասնակցութեամբ պետական նուագախումբին: Այսպիսով Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի հայրենակիցները առիթը պիտի ունենան գեղարուեստական բացառիկ վայելք մը ըմբոշխնելու, իսկ Ռաֆֆի Պետրոսեան ալ՝ անգամ մը եւս պիտի պանծացնէ հայ տաղանդը: