- Խրիմի մէջ տեղի ունեցած է «անկայուն աստղերու» հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողով մը։ «Անկայուն աստղեր» կոչուածները, սովորական աստղերուն բաղդատմամբ, ունին փայլի շատ արագ փոփոխութիւններ, որոնց հետ միաժամանակ տեղի կ'ունենան նիւթի հսկայ պայթումներ։

Պատճառը այս երեւոյթներուն, որոնց ընթացքին ջերմութիւնը կը հասնի հարիւր հազար աստիճանի, տակաւին լուսաբանուած չէ։ Իրենց տեղեկաբերութեան մէջ Վ.Համբարձումեան եւ Լ. Միրզոյեան ներկայացուցած են շարք մը աստղադիտարաններու մէջ կատարուած ստուգումներուն արդիւնքները, որոնք ցոյց կուտան թէ Կառապանի համաստեղութեան մէջ կարգ մը աստղեր շարունակական ոչ¬ջերմային արձակումներ կ'ունենան։

- Սիլվա Կապուտիկեանի միջոցաւ Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին յանձնուած է Վահան Թէքէյեանի ծոցատետրը, ուր կան բանաստեղծին շատ մը գործերը։ Հայաստանի քիւրտ գրագէտներ, վերջերս գումարած են իրենց ժողովը, որու ընթացքին քննութեան առած են քիւրտ գրականութեան արձանագրած յաջողութիւնները եւ ձախողութիւնները։ Եղած են բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք խիստ անհրաժեշտ են քրտական արդի գրականութեան զարգացման համար։

- Մայիս 25-ին, Երեւանի մարզադաշտին մէջ շատ տպաւորիչ ձեւով բացումը կատարուած է Հայաստանի եօթներորդ ողիմպիականին։

- Որմնադիրներու պակասը զգալի կը դառնայ հետզհետէ։ ՄԻնչ երկիրը ներկայիս պէտք ունի հինգ հազար որակեալ որմնադիրներու, շինարարական արհեստանոց-դպրոցներէն այս տարի հինգ հարիւր բանուորներ միայն շրջանաւարտ պիտի ելլեն, դիել կուտայ Ս. Միքաէյլեան, նախագահը «պրոֆեսիոնել-տեխնիկական» կրթութեան պետական կոմիտէին։