Գուրգէն Մեծատուրեան Փարիզէն կը գրէ.- «1961-ին, Լիզպոնի մէջ հաւաքուած 60 ազգերու սկաուտական շարժումին ներկայացուցիչները՝ միաձայնութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին 1963-ի Համաշխարհային ճամպորին Աթէնքի մօտ, Մարաթոնի պատմական շրջանին մէջ կազմակերպելու յոյն սկաուտական միութեան առաջարկը։
Հայ Արիներու միութեան պատուիրակութիւնը մեծ ուրախութեամբ ընդունեց այս առաջարկը եւ հայ պատուիրակները ջերմօրէն շնորհաւորեցին իրենց վաղեմի բարեկամները, յոյն սկաուտական միութեան պետերը։ Խանդավառութիւնը միայն Յունաստանի մէջ չէ, այլ նաեւ այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ներկայիս կը պատրաստուին սկաուտական խումբերը, որոնք Օգոստոս ամսուն պիտի գան Յունաստան։ Եւ 60 ազգերու 2000 ներկայացուցիչներ, 15 օր պիտի բանակեն իրենց յոյն սկաուտ եղբայրներուն հետ։ 1929-էն ի վեր, Հայ Արիներու Միութիւնը, մասնակցած է բոլոր ճամպորիներուն։ 1929-ին՝ Անգլիա, 1933-ին՝ Հունգարիա, 1937-ին՝ Հոլանտա, 1947-ին՝ Ֆրանսա, 1951-ին՝ Աւստրիա, 1955-ին՝ Գանատա, 1957-ին, Անգլիա, իր լաւագոյն խումբերով եւ ամէն տեղ սիրելի դարձնելով հայութիւնն ու հայ սկաուտութիւնը։ Ըլլայ սկաուտական համաժողովներու մէջ, ըլլայ ճամպորիներու ընթացքին, Հայ Արիները միշտ վայելած են մեծ համակրութիւն եւ բացառիկ դիրք մը ունեցած են, քանի որ իբր ազգութիւն մասնակցած են ու կը մասնակցին միջազգային հաւաքոյթներու։ Ուրախ ենք, որ այս տարի կարելիութիւնը պիտի ունենանք մասնակցելով Յունաստանի ճամպորիին՝ հանդիպելու մեր սիրելի եւ հաւատարիմ յոյն սկաուտ բարեկամներուն եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու Յունաստանի բնակչութեան եւ սկաուտական շարժման հետ։ Շատ ուրախ ենք նաեւ, որ առիթը պիտի ունենանք ծանօթանալու Յունաստանի մեր հայրենակցիներուն հետ։ Վստահ ենք, որ անոնք մեծ թիւով պիտի գան այցելելու հայկական բանակավայրը, քաջալերելու համար մեր տղաքը։ Ճամպորիէն վերջ, տասը օր առիթը պիտի ունենանք Աթէնք մնալու եւ վստահ ենք, որ խանդավառ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի»: