Ձեռնարկներ կան, որոնք արուեստասէր հասարակութեան կողմէ անհամբերութեամբ կը սպասուին:

Այդպէս էր համբաւաւոր «Գուսան» երգչախումբի պարագան, երբ մեր մէջ էր մեծ վարպետը՝ Բարսեղ Կանաչեան ափսո՜ս, որ վարպետին մեկնումով կազմալուծուեցաւ այդ սքանչելի երգչախումբը, որուն միջոցով Կանաչեան ծանօթացուց իր զմայլելի երգերը: Նման անհամբերութեամբ կը սպասուին Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբի ներկայացումները, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Զատկուան հանդիպումները, Պէյրութի միջվարժարանային մարզահանդէսը, որ դժբախտաբար այս տարի տեղի չունեցաւ, բայց բարեբախտաբար փոխարինուեցաւ Թեհրանի «Արարատ»-ի այցելութեան առիթով կազմակերպուած մարզական շաբաթով: Նման ժողովրդականութիւն վայելող ձեռնարկներուն շարքին կարելի է դասել վերջին տարիներս Էշրեֆիէի Համազգայինի «Քնար» հայ ժողովրդական երգ ու պարի խումբին տարեկան ելոյթը: Վերոյիշեալ խումբը- հակառակ համեմատաբար նոր եւ այդ պատճառով իսկ անթերի ըլլալէ հեռու ըլլալուն, ժողովուրդի սրտին մօտ եղած է, որովհետեւ ժողովուրդը անոր մէջէն, անո՛ր միջոցով հայելիէ մը արտացոլացող պատկերի մը նման իր տոհմիկ երաժշտութիւնն ու պարերը տեսած է հարազատ բայց աւելի շքեղ պատկերացումով: Երգչախումբէ նուագախումբէ եւ պարախումբէ բաղկացեալ այս բազմամբոխ խումբը, որուն կարիքը բազմաթիւ տարիներէ ի վեր զգացած ենք, եւ որ սակայն գոյութեան կրցաւ կոչուիլ միայն այն ատեն, երբ տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններու հմտութիւնն ու զոհողութեան ոգին եւ Էշրեֆիէի Համազգայինի մասնաճիւղին անվերապահ օժանդակութիւնը մէկտեղուեցան իրագործելու համար մեր տոհմիկ երգ ու պարի հարազատ եւ թարմ շունչը մեզի բերող այս խումբին կազմութիւնը: Այս զոհաբերութեան ոգին է, որ փոխանցուած է նաեւ խումբի անդամներուն, եւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է կանգուն պահել այս խումբը: Համաձայն խումբի աւանդական սովորութեան, այս տարի եւս խումբը կը ներկայանայ բազմաթիւ նոր երգերով ու պարերով։