Աթենահայ շնորհալի երգչուհի Անահիտ Վարդանեան, Արեւմտեան Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքի «Լեմպախ Փալէ» սրահին մէջ, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան փայլուն երգհանդէս մը տուած եւ ջերմօրէն ծափահարուած է ունկնդիրներուն կողմէ։

Աթենահայ երգչուհին ստացած է տասնէ աւելի գեղեցիկ ու մեծ ծաղկեփունջեր։ Յայտագրին մսա կազմած են՝ Փերկոլեզիի, Հենտէլի, Շուպէրթի, Շումանի, Տէ Ֆալիայի, Մոցարդի, Պիզէի, ինչպէս նաեւ Տոլուխանեանի եւ Եորկիատիսի, Անտոնիուի եւ Սֆաքիանաքիսի գործերէն ընտիր կտորներ։ Երգահանդէսէն ետք, Միւնիխի եւ Վիեննայի երաժշտական արտայայտութեանց մասնակցելու համար, բազմաթիւ առաջարկներ եղած են երգչուհիին։ Օր. Վարդանեան աւարտած է Աթէնքի երաժշտանոցը եւ Միւնիխի երաժշտական ակադեմիան։ Դուստրն է՝ վաստակաւոր ուսուցիչ պրն. Եփրեմ Վարդանեանի։

 

Կը տեղեկանանք թէ՝ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք ամեն. Տ. Շնորհք արք. Գալուստեանին բարի գալուստ մաղթելու համար Թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջական կազմով, Ուրբաթ կէսօրէ ետք, այցելած են Քիֆիսիայի «Սեսիլ» պանդոկը, ուր իջեւանած է պատրիարք սրբազանը՝ իր հետեւորդներով։ Պատրիարք հայրը սիրալիր ընդունելութիւն ըրած է Առաջնորդ սրբազան հօր եւ ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որոնց շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց այցելութեան համար եւ որոնց հետ երկար խօսակցած է եկեղեցական եւ ազգային հրատապ հարցերու մասին։ Մօտ երեք ժամ խօսակցելէ ետք, Թեմակալ առաջնորդ Այվազեան սրբազան եւ Ազգային կեդր. վարչութեան անդամները հրաժեշտ առած են Շնորհք արքեպիսկոպոսէն եւ բարի ճանապարհ մաղթած դէպի Լիզպոն, Լոն եւ Էջմիածին։