ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ շրջանի բոլոր կոմիտէներու մասնակցութեամբ, Մայիս 26-ի առաւօտեան Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգիստ՝ ի յիշատակ ազգային հերոս՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ:

Այնուհետեւ, ներկաները ուղղուած են «Արարատ» գերեզմանատունը, ուր հերոսի գերեզմանին վրայ կատարուած է կրօնական պատշաճ արարողութիւն: Արարողութենէն ետք ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէին կողմէ խօսած է Կարօ Գավաֆեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուցած է անմոռանալի հերոսը եւ հայ ժողովուրդին արդար դատը: Ապա կարգով խօսելու հրաւիրած է մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: «Ասպարէզ»ի կողմէ՝ Ա. Ամուրեան, Լոս Անճելըսի կոմիտէներուն կողմէ՝ Ռազմիկ Մատենլեան, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Օքլենտի կոմիտէներուն կողմէ՝ Մարտիրոս Գաբրիէլեան, Սան Ոքին Հովիտի կոմիտէներուն կողմէ՝ Մելիք-Շահ խօսած են հակիրճ այլ բովանդակալից ճառեր՝ վեր առնելով հայ արդար դատը եւ հայ ժողովուրդի վրէժխնդիր զաւակ՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի յաւէտ անմոռանալի յիշատակը: Ուխտագնացութեան ներկայ եղած են՝ ընկեր Սողոմոնի այրին՝ Անահիտ Թեհլիրեան, եղբօր կինն ու զաւակները, ազգականներ, բարեկամներ եւ ընկերներ:

 

Կիրակի, 30 Յունիսին սկսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Մ. Նահանգներու 70-րդ Պատգամաւորական ժողովը: «Հայրենիք»ի 29 Յունիսի թիւին մէջ այդ առթիւ կը կարդանք հետեւեալը.- Մասաչուսեց նահանգի կառավարիչ Էնտիքաթ Փիպատի, 27 Յունիսի 1963, իր պաշտօնատեղիին մէջ ընդունելով ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, քարտուղարը եւ «Հայրենիք» օրաթերթի ու շաբաթաթերթի խմբագիրները, անոնց յանձնեց մասնաւոր յայտարարութիւն մը, տարբողելէ ետք հայ ժողովուրդի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անկախութեան տենչը: