Ստուար թիւով ծնողներու եւ կրթասէր հասարակութեան ներկայութեան, անցեալ Կիրակի իրիկուան ժամերուն տեղի ունեցաւ Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի մանկապարտէզի ու նախակրթարանի զոյգ բաժիններու ամավերջի հանդէսը։

Դպրոցի կողքին յարդարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի արդիական ու ընդարձակ դաշտը, որուն մէկ կողմը շինուած էր բեմը, լայն ու հանգստաւէտ պայմաններով հիւրընկալեց բոլոր հանդիսականները անխտիր, որոնք փութացած էին Ֆիքսէն ու շրջաններէն, վայելելու իրենց զաւակներուն «օր»ը։ Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Կաթ. հայոց վիճակաւոր Գերյարգելի Յ.Թ.Ծ.Վրդ. Խանցեան, ժողովրդապետ գեր. Յովհ. վրդ. Գոյունեան, Ուսումնական խորհուրդոյ անդամներ, Ֆիքսի Պատ. Թաղ. Խորհուրդի ներկայացուցիչները, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան տիկինները, Գարակէօզեան հաստատութեան, հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչներ եւլն.։ Այիոն Օրոս գտնուելնուն պատճառաւ՝ հանդէսէն կը բացակայէին գերշ. Թեմակալ առաջնորդը եւ Կեդ. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանը։ Հանդէսը կը պարունակէր մանկապարտէզի փոքրիկներու հայերէն ու յունարէն սիրուն արտասանութիւններ, երգեր ու պարեր։ 15 ընթացաւարտ փոքրիկներ վարժարանի տնօրէնի ձեռքէն ստացան իրենց վկայականները։ Յաջորդեց նախակրթարանի բաժնին հանդիսութիւնը արտասանութիւններով, պարերով եւ թատերական զաւեշտներով։ Վարժարանի երգչախումբը պրն. Յ. Փափազեանի ղեկավարութեամբ, մէջ ընդ մէջ երգեց ազգ. երգեր։ Տնօրէն Օ. Զաքարեանի զեկոյցէն գոհունակութեամբ իմացանք՝ որ Ամերիկայի Հ. Օ. Մ.ի Կեդր. վարչութիւնն ու Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը եղած են վարժարանին գլխաւոր օժանդակողները, Գ. Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը նոյնպէս գրասեղաններու համար տրամադրած է կարեւոր գումար մը, Ֆիքսի Թաղական խորհուրդը ամսական հազար տրախմիով իր նպաստը բերած է մեր բազմածախս պիւտճէին։ Իրենց նիւթական օգնութիւնը տուին նաեւ հայրենակցական միութիւնները, իսկ Գարակէօզեան հաստատութիւնը այս տարի եւս ստանձնած էր բժշկական սպասարկութիւնը, օգտակար ըլլալով տկարակազմ աշակերտներուն։