Ինքնատիպ ու այլապէս հայրենասէր բանաստեղծներուն դէմ պայքարը դեռ կը շարունակ- ւի: «Սովետական Հայաստան»-ի Յունիս 10-ի խմբագրականին մէջ հետեւեալը կ՛ըսուի Սարմէնի, Դաշտենցի եւ այլ գրողներու համար.

«Ոմանք ամբողջ խորութեամբ կամ ճիշդ չհասկացան մեր կուսակցութեան կողմից անձի պաշտամունքի նկատմամբ ծաւալած իմաստուն քննադատութիւնը: Այդ քննադատութիւնը ոմանց մօտ ընկալուեց որպէս ընկերվարական դրութեան ձեռք ձգած վիթխարի նուաճումների գնահատականի վերանայում, կամ էլ որպէս նահանջ՝ մեր համոզումներից, մեր գաղափարներից: Դրանով կարելի է բացատրել Խ. Դաշտենցի ու Սարմէնի մի քանի բանաստեղծութիւնների մէջ, ինչպէս նաեւ Զ. Դարեանի «Գլխապտոյտ» թատերախաղում արտայայտուած որոշ անառողջ գաղափարները»: Եղերաբախտ բանաստեղծին դիւանը օր ըստ  օրէ աւելի կը հարստանայ, կը գրեն Երեւանի թերթերը: «Վերջին շրջանին թանգարանը Չարենցի Հայաստանի եւ արտասահմանի բարեկամներէն, հարազատներէն, ընկերներէն եւ գրասէրներէ ստացած է կարգ մը գիրքեր, անձնական գոյքեր եւ այլ նիւթեր, որոնք կ՛ամբողջացնեն բանաստեղծին դիւանը»:   Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին՝  հայութեան անցեալը ուսումնասիրելու եւ  զանոնք դասաւանդելու համար Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ որոշուած է մէկ միլիոն տոլարի հանգանակութիւն մը սկսիլ անմիջապէս: Այդ ծրագրին իրագործումն ու յաջողութիւնը պատճառ պիտի ըլլան որպէսզի վերոյիշեալ համալսարանին մէջ հայագիտութեան ամպիոն մը հիմնուի: Այս ամպիոնը լաւագոյնս պիտի ծառայէ հայ ժողովուրդին 2500 տարուան պատմութեան ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման: Այս համալսարանը երկրորդն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, առաջինը ըլլալով Քէյմպրիճ գտնուող Հարվըրտ համալսարանը: Զանազան նկատառումներով է, որ Լոս Անճելըսի համալսարանը ընտրուած է որպէս կեդրոն հայագիտութեան դասաւանութեանց: