«Հայ ակումբ»ի նախաձեռնութեամբ մեծ հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի տուաւ դասախօսութիւն մը Լիբանանի մէջ, ի ներկայութեան մեծ թիւով մտաւորականներու:

Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայկական փոքր գաղութներու հայերը մեծ մասով պարսկահայեր են։

Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի կազմակերպած տարեկան պարահանդէսը՝ վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ, յաջողութեանց փայլուն էջ մը եւս արձանագրեց իր այս տարեշրջանի գործունէութեան շարքին մէջ։

Մամլոյ թիւ 2474 հաղորդակցութեամբ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ, աշխարհի մէջ տիրող անգրագիտութեան դէմ իր ծրագրած պայքարին մասին:

Եղեգնաձորի շրջանի Քարագլուխ գիւղը կը բնակի Հայաստանի ամէնէն տարեց կինը՝ Մարթա Ասկանդարեան, որ 120 տարեկան է։ Ունի ինը զաւակներ՝ հինգ աղջիկ եւ չորս տղայ։