Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի կազմակերպած տարեկան պարահանդէսը՝ վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ, յաջողութեանց փայլուն էջ մը եւս արձանագրեց իր այս տարեշրջանի գործունէութեան շարքին մէջ։

Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» ակումբի սրահը պատշաճօրէն զարդարուած եւ սպասները ճաշակաւոր ու կոկիկ, յարդարուած էին։ Սրահը լեցուած եւ նուագախումբը պատրաստ էր, երբ օրուան խօսնակը՝ ընկ. Վ. Թերզեան պարահանդէսը բացուած յայտարարելէ ետք, ըսաւ. «Հ. Կ. Խաչի նուիրեալ քոյրերը, գիտակից իրենց առաքելութեան, զանազան ձեռնարկներու առընթեր, տարին մէկ անգամ կը սարքեն իրենց պարահանդէսը։ Կ'օգտագործեն զայն որպէս միջոց՝ կարենալ վշտահար հայրենակից մը ամոքելու, արցունքի կայլակ մը սրբելու, ցաւ մը դարմանելու, կամ աղքատ փոքրիկի մը դէմքին վրայ ժպիտ մը ծաղկեցնելու համար։ Կ'արժէ քաջալերել զիրենք նիւթապէս եւ բոլորիդ ներկայութիւնը կþապացուցանէ այդ։ Բարի եկաք եւ բարի զուարճութիւն»։ Նուագախումբի զուարթ հնչիւններով սկսան պարերը, աստիճանաբար խանդավառելով ներկաները։ Ներկայ հելլէն հիւրերէն ոստիկանապետ պրն. Փանոս Պարպունիս, զգացուած տիրող խանդավառութենէն, հետեւեալ գրութիւնը յղեց օրուան խօսնակին, որ զայն կարդաց յունարէն լեզուով։ «Սիրելի բարեկամներ, իրապէս յուզեցիք զիս եւ ձեզի հետ ինքզինքս կը զգամ վանդակի մէջ գտնուող թռչունի մը պէս։ Սակայն, կ'ուզեմ որ հաւատաք թէ՝ հելլենական հոգին միշտ ձեզի հետ է եւ ձեր հոգիին պէս կը բաղձայ, որ շուտով ու ազատօրէն թեւածէք դէպի ձեր հայրենիքը՝ դէպի Ազատ Հայաստան։ Այն ատեն, ես եւ բոլոր հելլէնները, պիտի զգանք, թէ դուք՝ մեր հայ եղբայրները, պիտի ապրիք երջանկութեան ովկէանոսներու մէջ։ Կեցցէ՛ ձեր ազատութիւնը»։ Այս սրտաբուխ ու ոգեշունչ խօսքերը արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն։ Խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Արշալոյս-Ջամալեան խումբի մէջ ընդ մէջ երգած հայկական խմբերգներով։