Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայկական փոքր գաղութներու հայերը մեծ մասով պարսկահայեր են։

Ժամանակի ընթացքին, ձգելով Նոր Ջուղայի եւ Թեհրանի հայաշատ կեդրոնները, գաղթած են Հնդկաստան, Սէյլան եւ Ինտոնեզիոյ կղզիները։ Ընդհանրապէս վաճառականութեամբ կը զբաղին։ Ոմանք շատ հարստացած են անցեալին, բայց տիրող կարծիքը այն է՝ թէ շատեր անհեռատեսութեամբ առանց կտակի մեռած են եւ հայ ազգին համար ատիկա միլիոններու կորուստ մը եղած է։ Հնդկաստանի նշանաւոր քաղաքներէն Կալկաթայի, Մատրասի եւ Պոմպէյի մէջ կարելի է հանդիպիլ պողոտայի մը, որ «Արմինիըն Սթրիթ» կը կոչուի։ Ներկայիս՝ Պոմպէյի մէջ գոյութիւն ունի շատ փոքր հայ գաղութ մը, որ մօտ քսանհինգ անձերէ կը բաղկանայ։ 1947-ին՝ բրիտանական տիրապետութեան վախճանին, շատ մը հայեր, ձգելով այս ափերը, գաղթած են այլ երկիրներ։ Ներկայ գաղութին մեծագոյն մտահոգութիւնն է պահպանել գաղութին կեանքը եւ եկեղեցին։ Տեղւոյն Ս. Պետրոս եկեղեցին երկու հարիւր տարուան հնութիւն ունի։ Մօտակայ Սուրաթ քաղաքին մէջ կար հայ եկեղեցի մը, որ չորս հարիւր տարուան հնութիւն ունէր։ Վերջերս տեղւոյն կալուածները ծախուած ըլլալով, հասոյթը յատկացուած է Պոմպէյի Ս. Պետրոս եկեղեցիի վերակառուցման եւ հասութաբեր վեց յարկանի շէնքի մը շինութեան։ Այս վերջինի հասոյթը, եկեղեցիին ծախքեր հոգալէ զատ բաւական պիտի ըլլայ նաեւ ապագային՝ Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններու մէջ սաներ պահելու։

Ամերիկայի հայ մշակութային միութիւնը կը յայտարարէ հայ հանրութեան, որ Գարանֆիլեան ընտանիքը, Նիւ Ճըրզիէն, 10,000 տոլարի գումար մը յատկացուցած է միութեան, որուն եկամուտով աշակերտներ պիտի պահուին Պէյրութի Ն. Փալանճեան հայ ճեմարանին մէջ: Ֆոնտէն պիտի կարենան օգտուիլ հայ երիտասարդներ, որոնք ուսման ծարաւն ունին, բայց զուրկ են նիւթական միջոցներէ: Ֆոնտը պիտի ճանչցուի «ՄԿՐՏԻՉ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ ԳԱՐԱՆՖԻԼԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՖՈՆՏ» անունով: