Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան եւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Կեդր. վարչութեան Միացեալ պարահանդէսը, տեղի ունեցաւ Շաբաթ գիշեր, Աթէնքի «Ալեքսիու» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ եւ արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն։

Հրապարակ հանուած բոլոր տոմսերը սպառած էին եւ հսկայ սրահը լեցուած էր ամէն դասակարգէ բազմութեամբ, որ եկած էր ոչ միայն պարելու ու զուարճանալու, այլեւ հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ քանի մը ժամ ապրելու համար։ Օրուան խօսնակ ընկեր Թերզեան նախ քանի մը խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ Հ. Կ. Խաչի եւ Երիտասարդացի հայանուէր աշխատանքներուն՝ արտասահմանի հայագաղութներու մէջ։ Նուագախումբի մասնակցութեամբ՝ ներկաները պարեցին ու երգեցին եւ այսպէս՝ ստեղծուեցաւ իսկական հայկական տաքուկ մթնոլորտ մը։ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի Երիտասարդացի երկսեռ անդամներու կողմէ տեղի ունեցան հայկական եւ յունական գեղջկական պարեր՝ որոնք արժանացան ջերմ եւ երկարատեւ ծափերու։ Օր. Սօնա Պէրպէրեանի մենապարերը եւս գնահատուցեան խանդավառ ծափերով։ Վիճակահանութեան դրուած էին արժէքաւոր առարկաներ, եւ տոմսերը բոլորովին սպառեցան։ Պարահանդէսը միեւնոյն ոգեւորութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտով շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը, ու ներկաները ակամայ մեկնեցան սրահէն։ Կ'արժէ շնորհաւորել Հ. Կ. Խաչի եւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի վարչութիւնները ինչպէս նաեւ կարգադիր յանձնախումբի բոլոր անդամները՝ որոնք իրենց կարելին ըրած էին պարահանդէսի յաջողութեան համար։

Մարտ 14-ին, Թեսաղոնիկէի Ծաղկոց-նախակրթարանի աշակերտութիւնը, Վարդանանցի առթիւ կազմակերպած էր դպրոցական հանդէս մը՝ որուն կը նախագահէր Հ. Գթ. Խաչի պատուակալ նախագահ՝ ընկ. տոքթ. Աբր. Աբրահամեան։ Ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեան եւ օգնական ուսուցչուհի տիկին Արմենուհի Աբէլեան ներկայացուցին մանկական յայտագիր մը՝ ազգաշունչ արտասանութիւններով եւ երգերով։