Մամլոյ թիւ 2474 հաղորդակցութեամբ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ, աշխարհի մէջ տիրող անգրագիտութեան դէմ իր ծրագրած պայքարին մասին:

Արդարեւ, Ապրիլ 1-10, կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Փարիզ, նիստ պիտի գումարէ միջազգային մասնագէտներու յանձնաժողով մը՝ յատկապէս ուսումնասիրելու եւ բանաձեւելու համար այն պայքարը, որ անհրաժեշտ է տանիլ ի սէր եւ ի շահ համաշխարհային գրագիտութեան: Յանձնախումբը պիտի բաղկանայ 18 անդամներէ, երկրամաս գլուխ՝ չորս հոգի. Ափրիկէ, Ասիա եւ Լատին Ամերիկա, Եւրոպա՝ երեք ներկայացուցիչ, արաբական պետութիւններ՝ երկու, Հիւսիսային Ամերիկա՝ մէկ: Յանձնախումբը պիտի ուսումնասիրէ գրագիտութեան համար գործադրուած ազգային ծրագիրները (նպատակներ եւ գործադրութեան միջոցներ, ծրագրում, կազմակերպութիւն եւ դրամական օժանդակութիւն), ինչպէս եւ՝ համաշխարհային գործակցութիւնը եւ դրամական նպաստը: Աշխարհի չափահաս անգրագէտներուն թիւը 700 միլիոն կը համարուի, եւ այս թիւը տարեկան 20-25 միլիոն կ՛աճի: ՄԱԿ-ի ներկայացուած ծրագիրը կը ձգտի եկող տասը տարուան ընթացքին անգրագիտութենէն փրկել մօտաւորապէս 330 միլիոն հոգի, 15-20 տարեկան, որ է երկու երրորդը 500 միլիոն չափահաս անգրագէտներուն, որոնք, ըստ վերջին վիճակագրութեանց, կ՛ապրի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ պետութեանց մէջ: Այլապէս հետաքրքրական հատոր մը հրատարակելու վրայ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որուն մէջ խտացած պիտի ըլլան այն բոլոր փորձերը՝ անգրագիտութիւնը յաղթելու համար: Կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւնները հրաւիրուած են տեղեկատուութեամբ մը պարզելու այն միջոցները, որ ձեռք առած են, դպրոցական դրութենէն դուրս, ջնջելու համար երիտասարդներուն եւ անչափահասներուն մէջ տիրող անգրագիտութիւնը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն քաջալերած է նաեւ ձայն ու պատկերասփիւռի միջոցով կրթական ծրագիրներու գործադրութիւնը՝ դասաւանդութեան այս ձեւը իր ազդու եւ դիւրահաղորդ տարողութեամբ գնահատելի դեր կատարած ըլլալով անգրագիտութեան պայքարին մէջ: