Հալէպի հայ ծերանոցի բացման հանդէսը տեղի ունեցաւ երբ իմացուեցաւ, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահը՝ տոքթ. Խոսէ տէ Ազիրետօ Փերտիակօ եւ նոյն կազմակերպութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպեր Կիւլպէնկեան եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց կոմիսարութեան ներկայացուցիչը՝ Սալըմ քաղաքս պիտի ժամանեն իրենց կիներով։

Յարգելի հիւրերը Հալէպ ժամանեցին 15 Մարտ 1964-ին եւ դիմաւորուեցան երեք յարանուանութեանց պետերուն, հայ ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներու, ծերանոցի վարիչին ու այլ անձնաւորութեանց կողմէ: Յաջորդ օրը առաւօտեան այցելեցին այն վարժարանները, որոնց խնդրանքին գոհացում տալով՝ նպաստ յատկացուցած էին: Կ՛ուզէին անձամբ ստուգել կառուցանելի շէնքերուն վայրը եւ անոր դպրոցական յարմարութիւններու ատակ ըլլալը: Վերոյիշեալ հաստատութիւններն էին՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան՝ 336,000 տոլար: Զաւարեան վարժարան՝ 16,000 տոլար: Մեսրոպեան վարժարան՝ 20,000 տոլար: Հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ դպրոց՝ 40,000 տոլար: Գումար՝ 109,000 տոլար: Յետմիջօրէին, անոնք ժամանեցին ծերանոց, ուր ընդունուեցան պատուի կեցած սկաուտներուն, արենուշներուն կրօնական պետերուն եւ վարիչին՝ բուռն ծափահարութիւններով, գառնուկ մը մորթուեցաւ տոքթ. Խոսէի ոտքերուն առջեւ: Հանդէսը բացուեցաւ սուրիական օրհներգով: Ապա խօսք առաւ առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, որ հայերէնով հետեւեալ խօսքերն ըսաւ. - Երբ նոր հասայ քաղաքս ու այցելեցի ծերանոցը, սիրտս մորմոքեցաւ, վասնզի ան չունէր պատսպարան մը ըլլալու յարմարութիւնները: Բայց ողջ ըլլայ ժողովուրդս, որ իր լումաներով հնարաւոր դարձուց շէնքին կառուցումը: Մենք անոր շուրջ համախմբուած ենք առանց դաւանանքի խտրութեան: Եւ սակայն մեզի համար դժուարին էր պահանջը զգալի դարձած երկրորդ յարկին կառուցումը, եթէ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց կոմիսարութիւնը օգնութեան չհասնէին՝ իւրաքանչիւրը 20,000-ական տոլարով, ինչ որ հնարաւոր դարձուց նաեւ կեդրոնական ջեռուցումի կազմածին զետեղումը: